Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 27, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Նախահայկական Դարաշրջան, մարդկային ընկերութեան կազմաւորունմը հարիւր հազարաւոր տարիներ ընդգրկող երկարատեւ ժամանակաշրջան է։ Արդի գիտութեան համաձայն, մարդը յառաջացած է երկու միլիոն տարի առաջ։

Աշխատանքի միջոցով նախամարդը ստացած է ներկայ մարդու կերպարանքը։ Աստիճանաբար ստացած է ուղիղ կեցուածք, երկու ոտքերու վրայ կանգնելու եւ քալելու, ձեռքի թաթերը գործածելու կարողութիւն։ Ասոր զուգընթաց կազմաւորունած է գանկը, զարգացած են ուղեղն ու միտքը։ Լեզուն եւս ունեցած է համապատասխան յառաջդիմութիւն, առանձին բացագանչութիւններէն բառեր եւ նախադասութիւններ արտասանելու կարողութեան անցնելով։ Ձեռքի եւ մտքի գործակցութեամբ, մարդը պայքարած է բնութեան արհաւիրքներուն դէմ եւ պաշտպանած է իր գոյութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, այս ձեւով, ան տարբերած է կենդանական աշխարհէն եւ հեռացած անկէ։

Հարիւր հազարաւոր տարիներ տեւող այս ընթացքը կը կոչենք Նախնադար։ Նախնադարեան մարդու պատմութեան այս ժամանակաշրջանը կը կոչենք նաեւ՝ Քարէ Դար, որովհետեւ մարդու առաջին եւ հիմնական գործիքը եղած է քարը։ Ավելին