Կաղապար:Օրվա հոդված/Հուլիսի 15, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Երուսաղէմի Պաշարում (1099), մանրանկարչութիւն՝ 13-րդ դարու
Երուսաղէմի Պաշարում (1099), մանրանկարչութիւն՝ 13-րդ դարու

Երուսաղէմի պաշարում, Խաչակիրներու Առաջին արշաւանքի գլխաւոր իրադարձութիւնը։ Տեղի ունեցած է 7 Յունիս 1099-էն մինչեւ 15 Յուլիս 1099-ը, որուն իբրեւ անդիւնք քաղաքը կը գրաւուի խաչակիրներուն կողմէ:

1095-ին Ուրպանոս Բ․ Պապը կը գումարէ Քլերմոնի ժողովը եւ կը յայտարարէ Խաչակիրներու արշաւանք ընդդէմ իսլամներու: Նպատակն էր ազատագրել իսլամներու տիրապետութեան տակ գտնուող Երուսաղէմ քաղաքը, ուր մեծցած, սպանուած եւ թաղուած էր Յիսուս Քրիստոսը: Ուրպանոսը կը խոստանար մեղքերու թողութիւն տալ արշաւանքի մասնակիցներուն։ Եւրոպացիները թիւր կարծիք ունէին իսլամներու մասին եւ կը մտածէին, որ դիւրին յաղթանակ կրնան տանիլ անոնց նկատմամբ։

Հոկտեմբեր 1096-ը սիզբը կը համարուի գիւղացիներու կամ աղքատներու Խաչակիրներու արշաւանքին։ Արշաւի մասնակիցներու մեծ մասը կանոնաւոր բանակի անդամներ չէին, հետեւաբար լուրջ ռազմական ուժ չէին կազմեր։ Սուրբ Երկրի ճամբուն, խաչակիրները կը թալանեն... Ավելին