Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 23, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Ստեփանոս անունը յունարէն է, կը նշանակէ պսակ), Ա. դարու քրիստոնեայ, հելլենական հրեայ. անդրանիկ վկան, որ իր արիւնը թափած է՝ Յիսուս Քրիստոսը Աստուծոյ Որդի վկայելով։ Մէկը Յիսուսի եօթանասուն (կամ եօթանասուներկու) աշակերտներէն, զոր, ուրիշ վեց հոգիներու հետ, նախնական եկեղեցին Պետրոս առաքեալի առաջնորդութեամբ կարգած է եկեղեցւոյ սեղանի սպասաւոր (սարկաւագ)։

Վարքագրական աղբիւրներու համաձայն` Ստեփանոս սերած էր Յուդայի թագաւորական զարմէն, Քրիստոս Աստուծոյ ցեղակիցն ու օրինապահ ծնողներու զաւակ էր: Յիսուսի մահուան դատավճիռին կայացման ատեն, դեռ պատանի ըլլալով, Կայիափա քահանայապետին ծառան էր: Երբ Տիրոջ տունը կը տանին, Ստեփանոսն իր գլխու վարշամակը կը փռէ Երկնաւոր Վարդապետին ոտքերուն տակ եւ կը մօտենայ անոր` ցոյց տալով իր անդաւաճան ու անկեղծ սէրը: Բայց ատիկա կը զայրացնէ քահանայապետը, որ կը վտարէ Ստեփանոսը: Պատանին ականատես կ'ըլլայ Տիրոջ մահուան ու թաղման, բայց Աստուածորդիին հրաշափառ յարութեամբ վերստին ուրախութիւն կ'ապրի առաքեալներուն հետ: Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի` սուրբը կ'երթայ առաքեալներուն քով` մկրտուելով Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու ձեռամբ: Մկրտութեան պահուն ջուրին վրայ կ'երեւի լուսապսակ մը, որ կու գայ կը հանգչի սուրբին վրայ: Այս զարմանահրաշ դէպքէն ետք անոր կու տան «Ստեփանոս» անունը, որ կը նշանակէ պսակաւոր:

Ստեփանոսի համար տաճարը շէնք մը չէր այլեւ կառուցուածք մը... Ավելին