Մասնակից:Van.se/Ավազարկղ/Ենթածով 2

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Կենսագրութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Ամենայն հաւանականութեամբ[փա՞ստ] Սայեաթ-Նովայի նախնիները Թիֆլիս եկած են Կիլիկեան Հայաստանէն։ Սայեաթ-Նովայի ընտանիքը Թիֆլիսի քաղաքային արհեստաւորներու ընտանիք էր։ Սայեաթ-Նովայի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն անցած է Թիֆլիսի մէջ։ Սորված է գրել-կարդալ հայերէն, վրացերէն, գիտցեր է նաեւ արաբերէն այբուբենը։

12 տարեկանէն անոր տուեր են արհեստի, սորվեր է ջուլհակութիւն եւ կարճ ժամանակի մէջ այնքան հմտացեր է, որ կտաւը հինելու եւ գործելու նոր դազգահ պատրաստեր է։

Երգն ու երաժշտութիւնն անոր հմայեր են դեռ պզտիկ եղած ատենէն։ Մինչեւ երեսուն տարեկանը Սայեաթ-Նովա կատարելագործուեր է աշուղական արուեստի մեջ, սորվեր է եղանակներ եւ պարզ ու խառն չափեր, յօրիներ է խաղեր՝ յարմարցնելով յատուկ մեղեդիներ եւ ատոնք կատարեր է ժողովրդական հաւաքոյթներու ատեն։

Հաւանաբար, երկար տարիներ շրջեր է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եղեր է Պարսկաստան, Հնդկաստան եւ Օսմանեան Կայսրութեանը ենթակայ երկիրներ, ուխտի գացեր է հայ աշուղներու հովանաւոր Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանքը՝ Տարօն, մինչեւ որ համընդհանուր ճանաչում ձեռք բերեր է եւ մկրտուեր է Սայեաթ-Նովա՝ երգի որսորդ։

1759 թուականի կէսերուն աւարտուեր է Սայեաթ-Նովայի՝ իբրեւ բանաստեղծի ու երգահան-երաժիշտի կեանքը։ 1759 թուականին Հերակլ II-ի հարկադրանքով ան քահանայ ձեռնադրուեր է Տէր Ստեփանոս անունով եւ շատ չանցած ղրկուեր է Կասպից ծովի հարաւային ափին գտնուող Էնզելի նաւահանգիստը։ Հոս երգիչն «ապաշխարեր» եւ արտագրեր է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը։ Ստոյգ յայտնի չէ, թէ երբ վերադարձեր է հայրենիք։ 1766 թուականին ապրեր է Զաքաթալայէն Շամախի տանող առեւտրական ճանապարհի վրայ ինկած Կախի փոքրիկ աւանի մէջ, ուր արտագրեր է մէկ ուրիշ ձեռագիր՝ Աստուածաշունչի հատուածներէ բաղկացած ժողովածոյ մը։ 1768 թուականին մահացեր է կինը՝ Մարմարը, թողլով չորս անչափահաս զաւակ։ Յաջորդ տարուընէ Սայեաթ-Նովա-Տէր Ստեփանոս փոխադրուեր է վանք, ծառայեր է Թիֆլիսի մէջ հաստատուած Հաղպատի միաբանութեան առաջնորդարանի մէջ, իսկ 1778 թուականէն, երբ վերաշինուեր է Հաղպատի վանքը, կարգուեր է Սուրբ Նշան վանքի լուսարար։ Հետագային միաբանութեան հետ նորէն վերադարձեր է Թիֆլիս։ 1795 թուականի Սեպտեմբերին, Աղա-Մահմետ Խան Ղազարի արշաւանքի օրերուն, զոհուեր է եւ թաղուած է Սուրբ Գեւորգ եկեղեցւոյ բակը։