Մասնակից:ԱյգեՊան/Առիւծ (համաստեղութիւն)

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Կաղապար:Արևելահայերեն Կաղապար:Այլ արւմտ. Կաղապար:Տեղեկաքարտ Համաստեղութիւն

Եան Հեւէլիուսը համաստեղութիւններու իր պատկերազարդումները կ'ըներ իր ժամանակը ընդունուած ձեւով՝ երկնակամարի «դուրսի կողմէն»:

Առիւծ (Լատիներէն՝ Leo), կենդանակերպի համաստեղութիւն է, կը գտնուի Խեցգետին եւ Կոյս համաստեղութիւններու միջեւ: Անունը կ'առնչուէ Հէրաքլեսի կողմէ սպաննուած առիւծին: 2-րդ դարու աստղագէտ Պտղոմէոսի նկարագրած 48 համաստեղութիւններէն մին:

  • Նշանը՝

Աստղերը[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Ունէ բազմաթիւ վառ աստղեր, որոնցմէ շատերը անհատապէս ճանչուած են անտիք ժամանակներէն: Անոնցմէ կարեւորները առաջին կամ երկրորդ պայծառութեան թիւով չորս աստղերն են՝

  • Արքայազն (Լատիներէն՝ Regulus, կը նշուի՝ Առիւծի ալֆա Alpha Leonis) Երկիրէն 77.5 լոյս-տարիի վրայ գտնուող 1.34 մագնիթուտով աստղ մըն է:
  • Առիւծի բետան (Beta Leonis), որուն անունն է՝ Տենեպոլա, կը գտնուի Արքայազնի հակառակ կողմը: Մագնիթուտը 2,34 է, Երկիրէն հեռաւորութիւնը՝ 36 լոյս-տարի: Տենեպոլա անունը կը նշանակի՝ «առիւծի պոչ:»
  • Ալկիէպան (Առիւծի գամմա, Gamma Leonis) երեք աստղերէ կազմուած պինարի է, առաջնայինը եւ երկրորդայինը կ'երեւան պզտիկ աստղադիտակով, իսկ երրորդը՝ հեռադիտակով կ'երեւայ: Առաջնայինը ոսկեայ-դեղին հսկայ մըն է՝ 2,61 մագնիթուտով, երկրորդայինը նոյնն է, բայց՝ 3.6 մագնիթուտով: Ասոնք ունեն 600 տարի պարբերութիւն եւ Երկիրէն 126 լոյս-տարի հեռավորութեան վրայ կը գտնուին:

Առիւծին մէջ կը գտնուի Wolf 359-ը (Առիւծի CN), որը Երկիրին ամէնէ մօտ աստղերէն մէկն է՝ կը գտնուէ 7.8 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ: Ան կարմիր թզուկ մըն է, 13,5 մագնիթուտով: Պարբերաբար կը բռնկուէ եւ պայծառութիւնը կ'աւելնայ մէկ մագնիթուտով [1] : Gliese 436-ը թոյլ աստղ մըն է Առիւծի մէջ, Երկիրէն մօտ 33 լոյս-տարի հէռուին վրայ, Նեպտուն մոլորակի զանգուածով մոլորակով մը իր շուրջը:[2]

Ասուպներու Ցնցուղ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Լէօնիտներու հոսքը տեղի կ'ունենայ Նոյեմբերին, բարձրակէտը կ'ըլլայ Նոյեմբեր 14-15-ին Առիւծի գամմայի մօտ: Անոնց ծնողք մարմինն է գիսաւորը, որը հետեւանք է 35 տարին մէկ կատարուող պոռթկումներու: Բարձրակետի ընթացքին կ'ունենայ մօտ տասը ասուպ ժամուն մէջ:[3]

Պատմութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Առիւծը առաջին ճանչուած համաստեղութիւններէն մին եղած է եւ հնաբանական հետազօտութիւններով ապացուցուած է, որ միջագետցիները մօտ Ք.ա. 4000 թուականին անոր նման համաստեղութեան մը մասին պատկերացում ունեցած են: Պարթեւները սա համաստեղութիւնը Շիր կը կոչէին, ասորիները՝ Արէօյ, հնդիկները՝ Սիմհայ եւ այս ամենը կը նշանակէր՝ Առիւծ: Որոշ առասպելաբաններ կը կարծեն, որ շումերներու հաւատալիքներով Առիւծ համաստեղութիւնն իրմէ կը ներկայացնէ Հումպապա հրէշը, որը սպաննեցաւ Գիլկամէշը: Բաբելական աստղագիտութեան մէջ սա համաստեղութիւնը կը կոչուէր Ուրկուլա՝ «Մէծն Առիւծ», որուն վառ աստղը յայտնի էր որպէս «Առիւծի կուրծքի աստղ» Յունական դիցաբանութեան մէջ Առիւծը կը նոյնականացուէ Նեմեական Առիւծին հետ, որը սպաննած էր Հէրակլեսը իր տասներկու սխրանքներէն առաջինի ժամանակ: Հերկուլեսի կողմէ Նեմէական Առիւծը սպաննելէն ետք Զեւսը նշանաւորեցաւ այն՝ Առիւծը երկինս հանելով:
Հռովմէացի բանաստեղծ Ովիդիոսը ան կոչած էր «Հէրկուլեւսի Առիւծ»:

Տե՛ս նաեւ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Ծանօթագրութիւններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  1. Ridpath, Tirion, էջեր 166-168
  2. [1] [[2]]
  3. Ridpath, Tirion, էջեր 166-167

Արտաքին Յղումներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Կաղապար:ՎՊԵԱ

Կատեգորիա:Համաստեղութիւններ