Վիքիպեդիա:Վիքիպեդիայի դասընթաց 2015

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Վիքիբետիայի դասընթացք
Աղուերան 2015


Դասընթացք   Մասնակիցներ   Նիւթեր   Ստեղծուած յօդուածներ   Օրակարգ   Նկարներ

«Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակներէն է աջակցիլ եւ խթանել, համացանցէն ներս, հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեան զարգացումը՝ յատկապէս Վիքիպեդիայի եւ քոյր վիքի նախագիծերու օգնութեամբ, «Արեւմտահայերէն վիքիպեդիայի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, Ապրիլ 3-10, Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի աջակցութեամբ կը կազմակերպուի «Վիքի դասընթացք Լիբանանի հայ համայնքի կրթական հաստատութիւններու եւ մամլոյ աշխատակիցներու համար»: Դասընթացքի օրերուն մասնակիցները պիտի տիրապետեն վիքիպեդիայի գործելաձեւին: Այս միջոցառման առաջին երկու օրերը կը զուգադիպին Վիքիմեդիա Հայաստանի մէկ այլ նախաձեռնութեան «Վիքին սիրում է գիտութիւն» վեցամսեայ մարաթոնին՝ 2014-2015 ուսումնական տարուան վերջին երկօրեակի, այդ ընթացքին Հայաստանի եւ Լիբանանի հայ մտաւորականները համգործակցաբար պիտի հարստացնեն հայերէն վիքիպեդիան՝ գրական հայերէնի երկու ճիւղերով գրուած յօդուածներով, պիտի կիսեն իրենց գաղափարները եւ հաճելի ժամանակ անցնեն: