Վիքիպեդիա:Ուիքիճամբար 2015 Պէյրութ/Կանոններ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Կանոններ

Ուիքի ճամբարի ընթացքին ջոկատավարը կը դառնայ խորհրդատուդ եւ աւագ ընկերդ: Ան կը հետեւի ամենօրեայ գործունէութեանդ, առողջական վիճակիդ եւ անվտանգութեանդ. դուն կրնաս ջոկատավարիդ եւ ճամբարի կազմակերպչական խմբակին դիմել որեւէ հարցով: Որպէսզի Վիքիճամբարի ընթացաքին բոլոր մասնակիցները վայելեն իրենց հաճելի հանգիստն ու հարստացնեն Ուիքիփետիան եւ Ուիքի բառարանը, դուն պէտք է հետեւիս ջոկատավարիդ ցուցումունքերուն եւ ճամբարի ընդհանուր կանոններուն.

  1. Յարգէ՛ միւս ճամբարականները եւ կազմակերպչական խմբակը: Որեւէ տեսակի խտրականութիւն, ներառեալ՝ տարիքային, սեռային, ազգային, կրօնական եւ այլն, արգիլուած է: Բռնութիւնը, հեգնանքը, վիրաւորանքն ու կռիւը անընդունելի են, անպատշաճ վարքի համար ենթակայ ես հեռացուելու ճամբարէն:
  2. Օրական մօտ 4 ժամ դուն պէտք է խմբագրես Ուիքիփետիան: Խմբագրումը կը կատարուի ընդմիջումներով, իսկ խմբագրման ընթացքը` հաճելի եւ հետաքրքիր:
  3. Դուն պէտք է մասնակցիս ծրագրաւորուած բոլոր միջոցառումներուն: Որեւէ միջոցառման չմասնակցելու համար պէտք է ներկայացնես ծնողքի կողմէ գրաւոր թոյլտուութիւն:
  4. Ալքոհլի (ներառեալ գարեջուրի), ծխախոտի եւ որեւէ տեսակի թմրանիւթի օգտագործումը խստօրէն արգիլուած է: Ո՛չ մէկ տեսակի զէնք (դանակ, հրացան եւ այլն) ճամբարին չի թոյլատրուիր:
  5. Ճամբարին չեն թոյլատրուիր նաեւ ելեկտրոնային խաղեր:
  6. Ճամբարի սեփականութիւնն ու գործիքները խնամքով օգտագործէ՛: Ճամբարի ընթացքին գործիքներու, սեփականութեան նպատակաուղղուած վնասման պարագային պէտք է իրականացուի վնասի փոխհատուցում:
  7. Օրուան օրակարգին համապատասխան պէտք է հագնիլ:
  8. Անպայման կրէ՛ պիտակդ, որ կ՛օգնէ կազմակերպչական խմբակին եւ միւս ճամբարականներուն քեզի դիւրութեամբ ճանաչելու:
  9. Ուիքիմետիա Հայաստանն ու կազմակերպչական խմբակը պատասխանատու չեն կորսուած կամ գողցուած անձնական իրերուդ կամ/եւ գումարիդ համար, դուն կ՛ունենաս յատուկ նախատեսուած վայր, ուր կրնաս անվտանգ պահել անձնական իրերդ եւ գումարդ: Կազմակերպչական խմբակը կարելին պիտի ընէ քու եւ անձնական իրերուդ անվտանագութեան համար:
  10. Մի հեռանար ճամբարի տարածքէն՝ առանց մեծահասակի ուղեկցութեան: Ճամբարի ամբողջ ընթացքին, դուն եւ միւս ճամբարականները, պիտի ըլլաք կազմակերպչական խմբակին եւ կամաւորներուն հոգածութեան ներքոյ:
  11. Այս կանոնները չեն ընդգրկեր Ուիքի ճամբարի բոլոր հնարաւոր դէպքերն ու իրավիճակները: Յաւելեալ հարցերու համար դիմէ՛ կազմակերպչական խմբակին: