Վիքիպեդիա:Ուիքի Ճամբար Ֆրանսա

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
ՈՒԻՔԻ ՃԱՄԲԱՐ, ՖՐԱՆՍԱ, 2017
Փորթուկալի Ուիքի Ճամբարը, 2016

«Վիքիմեդիա Հայաստան»ի կողմէ կազմակերպուած հերթական «Ուիքի Ճամբար»ներու շարքին՝ այս տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ, Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենայ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման նուիրուած Ուիքի Ճամբար մը։ Ճամբարը պիտի կազմակերպուի Լա Պուղպուլ (La Bourboule) գիւղաքաղաքի "Gîte François et Suzon” կայանի մը սահմաններէն ներս, 12 Օգոստոսէն մինչեւ 20 Օգոստոս։ Վայրը՝ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն երկու ու կէս ժամ հեռու գտնուող ժամ հեռու գտնուող գեղեցիկ գիւղաքաղաք մը, Լա Պուղպուլ անունով, եւ հոն՝ կանոնաւոր կերպով գործող արձակուրդի եւ զբօսանքի կայանը, որուն նախաճաշակը տրուած է հետեւեալ կայքէջին վրայ՝ François et Suzon։

«Ուիքի Ճամբար»ը Վիքիմեդիա Հայաստան կազմակերպութեան կողմէ յղացուած ու հետեւողականօրէն իրականցուող կրթական ծրագիր մըն է, որ կը միտի պատանիներ ու երիտասարդներ քաջալերել եւ օգնել անոնց, որպէսզի իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն Ուիքիփետիայի խմբագրական աշխատանքներուն: Վիքիմեդիա Հայաստանը մինչեւ այսօր տասներկու «Ուիքի Ճամբար» կազմակերպած է։ Վիքիմեդիա Հայաստանի այս նախաձեռնութիւնը «Ուիքիմանիա 2014»-ին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս տարուան ամէնէն յաջող ու համակրելի ծրագիրը:

Այս տարի Ֆրանսայի մէջ կայանալիք «Ուիքի Ճամբար»ին կրնան մասնակցիլ արեւմտեան եւ արեւելեան Եւրոպայէն, Թուրքիայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն՝ 16-25 տարեկան երիտասարդներ, որոնք ցանկութիւն ունին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան զարգացնելու: Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն մասնակիցներուն ընտրութիւնը պիտի ըլլայ անոնց արդէն իսկ կատարած ներդրումներուն հիման վրայ:

«Ուիքի Ճամբար»ի առօրեան կ՚ընդգրկէ նախ՝ չորս ժամ խմբագրական աշխատանք, մարզական խաղերով ընդմիջուած: Օրուան երկրորդ կէսին՝ մասնակիցները մտային խաղեր, բանավէճեր, կամ երաժշտական ելոյթներ կը կազմակերպեն եւ հայկական երգեր ու պարեր կը սորվին:

Դիմել փափաքողներէն կը խնդրուի ամբողջացնել հետեւեալ հարցաթերթիկը:

Ճամբարի մասնակցութեան սակը կը կրէ հետեւեալ պատկերը.

  • «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը հոգայ կեցութեան բոլոր ծախսերը (Լիոն- ճամբարի վայր- Լիոն)։
  • Իւրաքանչիւր դիմող պարտի հոգալ ճամբորդութեան ծախսերը՝ օդանաւի տոմս (Ֆրանսայէն՝ գնացք), վիզա եւ ճամբորդական ապահովագրութիւն:

Նախապէս մասնակցողները եւս կրնան դիմել՝ վերոնշեալ պայմաններով։

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել՝
Վիքիմեդիա Հայաստան
Հասցէ՝ 0023 ք. Երեւան, Արշակունեաց 2ա, 4-րդ յարկ, հեռ.՝ (+37493) 11-88-00
Ելեկտրոնային հասցէ՝ infowikimedia.am



Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութեամբ բազմալեզու հանրագիտարան մըն է, ուր ամէն մարդ հնարաւորութիւնը ունի ազատօրէն միջամտելու։ Ուիքիփետիան եւ քոյր նախագիծերը համացանցին վրայ ամենէն շատ այցելուած հինգ կայքերէն են: Ուիքիփետիան օրական միլիոնաւոր ընթերցողներ ունի, եւ հարիւր հազարաւոր կամաւոր խմբագիրներ աշխարհի բոլոր անկիւններէն: Շատ մը զարգացած երկիրներու մէջ՝ Ուիքիփետիան եւ Ուիքի անունը կրող քոյր նախագիծերը դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսումնական ծրագիրին պարտադիր մաս կը կազմեն: Ուիքիփետիան որակաւոր կրթական նիւթեր ստեղծելու եւ հայերէնը (այս պարագային՝ արեւմտահայերէնը) իր լման բազմազանութեամբ համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու սքանչելի միջոց մըն է: Նաեւ մասնակցող երիտասարդներուն համար լաւ առիթ մըն է զիրենք հետաքրքրող նիւթերուն մասին հայերէնով գրելու, խմբային փորձառութիւն ձեռք ձգելու, եւ զանազան տեղերէ եկած նոր ընկերներու հետ բարեկամութիւն հաստատելու։