Մասնակից:Jozef.aroyan/Ավազարկղ

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Տակաւին անծանօթ կը մնայ Տիւզեան գերդաստանին հիմնադրին՝ նաեւ Պոլիս հաստատուելնուն պատմութիւնը, որովհետեւ ծանօթ չէ թէ ով էր այն անձն և ինչ հզած է իւր արդիւնքն, որ արժանացած էր Օսմանեան Պետութեան ծառայութեան մէջ մտնելու վայրկետնէն սկսեալ՝ իւր գերդաստանին ապագայ փառաւորութեան, պատմութեան լուռ է այս մասին բայց աւանդաբար հասած ստույգ տեղեկաութիւններ, կը հարկադրուինք ներկայացնել։ Այս աւանդութեան համեմատ Տիւղեաններու ծոնդավայրն է փոքր Ասիոյ Սեբաստիա քաղաքին արեւելեան կողմը Տիվրիկ քաղաքը։ Կըսուի թԷ յարութիւն անուն անձը 1600ին գաղթած է Պոլիս։ Վերոյիշեալը իւր ճարտար արուեստին (անշուշտ ուկերչութեան) զօրութեամբը կայսերական պալատան հետ յարանբերութեան կը մտնէ և Արքունի ուկերիչ կանանուի։ Շատ յաջոլ ըլլալով իւր արուեստին մէջ մէծ անուն կը հանէ և իր անուամբ ոսկերչի խանութ մը բանայ, որ կայսերական գանջատան քով մինչեւ 18րդ դարու վերջերը Տիւզեան անուամբ կանգուն մնացած էր իսկ բնակութեան տեղը Գուրուչէչմէ գիւղն պէտք է ենթադրել․ վասն զի 1721էն ակսեալ այս ընտանիքին վախճանեալ անդամները հոն կը հանգչին։Մահտեսի Սարգիսբբոր իւր հորը կենդանութեան ատեն կը յաճախէր կայսրական պալատ և քաջավարժ էր անոր արուեստին մէջ, Յարութիւնի՝ իր հօր մահուան օրն իսկ առանձին արքունի Հրովարտակաւ Արքունեաց ուկերիչ կանուանուի Սուլթան Սէլիմ երրորդի․ իւր արուես