Մասնակից:Ալիսիա/Ալֆրետ Նոպել

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից

Կաղապար:Արևելահայերեն Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Ալֆրետ Պեռնար Նոպել (Alfred Bernhard Nobel , ), շուէտացի քիմիագէտ[1][2], գիւտարար, ստեղծած է ուժանակը: Իր հսկայական կարողութիւնը կտակած է անոր հիմնադրած Նոպելեան մրցանակի կազմակերպութեան վրայ։ Այս մէկին անունը դրած են նորաստեղծ նոպելիում քիմիական տարի:

Կենսագրութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Եղած է շատ թուլակազմ եւ իր ամբողջ մանկութիւնը անցուցած է տարբեր հիւանդութիններով։ Պատանի տարիքին մտերիմ եւ ջերմ յարաբերութիւններու մեջ էր իր մօր հետ, որ այդպէս ալ մնաց հետագայ տարիներուն։ Ալֆրետը շատ յաճախ կ'այցելէր անոր մայրը եւ աշխոյժ նամակագրութեան մեջ էր անոր հետ։

Ան միջահասակ, բարեկազմ, մուգ մազերով, մուգ կապոյտ աչքերով եւ մօրուքով մարդ էր։ Այն այդ ժամանկի նորաձեւութեան համաձայն՝ կը կրէր նաեւ սեւ մէկ աչքանի ակնոց մը:

Իր ընտանիքը Նոպել ազգանունը ժառանգած է Ալֆրետ անունով վարսայարդար մեծ հօրմէն, որ 1775 թուականին կրճատեց իր ազգանունը Նոպելիուս-է, Նոպելի։ Անոր աւագ որդին, Էմանուէլը (1801-1872) դարձաւ փոքրիկ Ալֆրետի հայրը։ Ճարտարապետ-շինարար, գիւտարար Էմանուելը մի քանի տարի շարունակ կերպ մը կը գոյատեւէր պատահական վաստակած գումարներով, մինչեւ որ անոր ընտանիքը որոշեց բախտը փորձել Ռուսաստան, Պաքուի մէջ: 1827 թուականին, Ալֆրետի հայրը ամուսնացաւ Քարոլին Անդրիետ Ալսելի (1805-1889) հետ եւ ունեցան ութ երեխայ, սակայն անոնցմէ միայն չորսը՝ Ռոպերդը, Լիւտուիկը, Ալֆրետը, Էմիլը[3] կենդանի մնացին մինչեւ պատանեկութիւն։

Ուժանակի եւ պայթուցիկի այլ նիւթերու գիւտարար Ալֆրետ Նոպելը կը տարբերէր վարքի անհաւատալի հակասականութեամբ եւ տարօրինակութեամբ։ Ժամանակակիցները կը համարէին, որ ան չի համապատասխանէր 19-րդ դարու երկրորդ կէսի բուռն արդիւնաբերական զարգացման շրջանի առաջադէմ կերպարին։ Նոպելը վարժուած էր մենութեան, հանգստին, չէր կրնար քաղաքի խառնաշփոթը լսել, չնայած կեանքի մեծ մասը անցուցած էր քաղաքային պայմաններու մէջ, բացի այդ մէկէն ան նաեւ բաւական յաճախ կը ճամբորդէր։ Ի տարբերութիւն գործարար աշխարհի իր ժամանակակիցներէն շատերու, Նոպելին կարելի էր, անուանել «սպարտացի», քանի որ ան երբեք չէր ծխեր, չէր օգտագործեր ոքելից ըմպելի, կը խուսափէր խաղաքարտէրէն եւ այլ մոլեխաղերէն։

Չնայած ծագումով ըլլալով Շուէտացի, Ալֆրետ Նոպելը աւելի շուտ, եւրոպական միտքի կոսմոպոլիտ էր, հրաշալի կը խոսէր ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ անգլերէն, կարծես ասոնք իր մայրենի լեզուներն էին։ Առեւտրական եւ արդիւնաբերական գործունէութիւնը Նոպելին չխանգարեց ստեղծել հսկայական գրադարան մը, որտեղ կարելի էր ծանօթանալ Հերպերդ Սփենսերի, Վոլտերի, Շէյքսփիրի եւ այլ նշանաւոր հեղինակներու եւ անոնց աշխատութիւններուն:

19-րդ դարու գրողներէն Նոպելն աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր ֆրանսական հեղինակներուն. Ան կը հիանար ապրած ռոմանիստ եւ բանաստեղծ՝ Վիքթոր Հիւկոյի, կարճ պատմուածքներու վարպէտ Գի տը Մոպասանի, յայտնի ռոմանիստ Օնորէ տը Բալզակի, որ սրատես աչքէն կարող չէր վրիպել մարդկային կատակերգութիւնը, եւ բանաստեղծ Ալֆոնս Լամարտին:

Ան նաեւ կը սիրէր ռուս ռոմանիստ Իվան Տուրգենեւի եւ Նորուեգացի դրամատուրգ եւ բանաստեղծ Հենրիխ Իբսենի ստեղծագործութեան։ Ֆրանսացի ռոմանիստ Էմիլ Զոլայի նատուրալիստական քաջաերութիւնները, սակայն, չէին խրախուսեր անոր պատկերացումներուն; Բացի անոնց, որ անոր վրայ ազդեցութիւն կը գործէին Պերս Բիշի Շելլիի մէջ, ուր ստեղծագործութիւնները նոյնիսկ անոր մեջ ցանկութիւն առաջացրեցին նուիրել գրական գործունեութեանը։ Այդ ժամանակահատուածին ան գրեց զգալի թիւով վեպեր եւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ միայն մէկ ստեղծագործութիւն հրատարակուեցաւ։ Բայց յետոյ ան կ'եցուց իր գրական զբաղմունքը եւ իր բոլոր միտքերը ուղղեց քիմիագիտութեան գործընթացքին։

Նոպելը բացարձակապէս պահանջկոտ չէր կեանքին ընթացքին եւ նոյնիսկ ինչ-որ չափով ճգնաւոր էր։ Շատ քիչերուն կը վստահէր եւ երբեք օրագիր չէր պահեր։ Նոյնիսկ ճաշելու եւ ընկերներու շրջապատին մէջ ան պարզապէս ուշադիր ունկնդիր էր, բոլորին հետ, նոյն ձեւով բարեհամբոյր էր եւ նրբաւարի։ Փարիզի շքեղ շրջաններէն մէկուն մէջ գտնուող իր տանը մէջ կազմակերպուող ճաշկերոյթները տօնական էին եւ միեւնոյն ժամանակ լաւ մակարդակի։ Ան հիւրընկալ տանտէր եւ հետաքրքիր զրուցակից էր։ Ընդունակ էր ցանկացած հիւրի հետ գրաւիչ զրոյց վարել։

1876 թուականի սկզբին, ցանկանալով աշխատանքի ընդունիլ աղախին եւ համատեղութեան գիծով անձնական քարտուղարուհիի մը, Նոպելը յայտարարութիւն տուաւ Աւստրիական թերթերուն. «Փարիզի մէջ բնակուող կայացած եւ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող տարէց տղամարդը ցանկութիւն կը յայտնէ ընդունիլ լեզուի իմացութեամբ հասուն տարիքի անձի մը քարտուղարի եւ աղախնի աշխատանքի համար»։ Յայտարարութեանը արձագանգողներէն մէկը, 33 ամեայ Պերդա Կինսկին էր, որ այդ պահուն Վիեննայի մէջ սպասուհի կ'աշխատէր։ Ան ուղեւորուեցաւ դէպի Փարիզ եւ Նոպելին տպաւորեց իր արտաքնով ու արագ թարգմանութեամբ։ Սակայն ընդամէնը մէկ շաբաթէն հայրենիքի հանդէպ կարօտախտը նրան ետ տարաւ Վիեննա, որտեղ ան ամուսնացաւ իր նախկին տանտիրուհիի որդուն հետ, պարոն Ալպերդ ֆոն Զուտների հետ։ Բայց անոր վիճակուած էր կրկին հանդիպիլ Նոպելին, եւ վերջին տասը տարիներու ընթացքին անոնք կը նամակագրէին իրար՝ քննարկելով Երկիր մոլորակի խաղաղութեան ամրապնդման նախագիծերը։ Պերդա ֆոն Զուտները դարձաւ Եւրոպա մայրցամաքի խաղաղութեան համար պայքարող առաջատար դէմքը, ինչին ոչ պակաս նպաստեց Նոպելի ֆինանսական աջակցութիւնը։ 1905 թուականին Բերտան արժանացաւ նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին։

Աշխատանքը[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Կեանքին վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Նոպելը կ'աշխատէր անձնական օգնական, երիտասարդ շուէտացի քիմիագէտ Ռագնար Սոլմանի հետ, որ աչքի ինկած էր ծայրահեղ տակտիկայով եւ համբերութեամբ։ Վերջինս կ'աշխատէր որպէս քարտուղար։ Անոր յաջորդեց նուաճել Նոպելի վստահութիւնը այն աստիճան, որ անոր կը կոչէին «իր ցանկութիւններու գլխաւոր իրականացնողը»։

Սոլմանը կը յիշէ:

«Ոչ միշտ դիւրին էր ըլլալ անոր օգնականը։ Ան պահանջկոտ էր, անկեղծ եւ միշտ անհամբեր կը թուէր։ Անոր հետ գործ ունեցողը պէտք է թափ տար իրեն, որպէսզի հասնէր անոր միտքի թռիչքներուն, ու անոնց հետեւելու եւ պատրաստ ըլլար ամէնազարմանալի քմահաճոյքներուն, երբ ան յանկարծակիօրէն կը յայտնուէր եւ նոյն արագութեամբ կ'անյետանար»։

Կեանքի ընթացքին Նոպելը յաճախ ցոյց կ'ուտար արտասովոր շռայլութիւն եւ ցուցաբերում Սոլմանի եւ իր միւս ծառաներու նկատմամբ։ Երբ իր օգնականը կը պատրաստուէր ամուսնանալու, Նոպելը անմիջապէս կրկնապատկեց անոր աշխատավարձը, իսկ այդ մէկէն առաջ, երբ իր ֆրանսուհի խոհարարուհին պիտի ամուսնանար, անոր նուիրեց այն ժամանակներու հսկայական գումար մը համարուող քառասուն հազար ֆրանք։

Չնայած Ալֆրետին յաճախակի կ'ըսէին դինամիտի թագաւոր, ան խիստ էր իր յայտնագործութիւնները ռազմական նպատակներով եւ կիրառելուն հանդէպ։ Կեանքին հրաժեշտ ջտալէն երեք տարի առաջ, ան նշեց.

«Իմ կողմէս ես կը ցանկանամ, որ կարելի ընել բոլոր թնդանօթները եւ ծառաներով ուղարկելու գրողի ծոցը, այսինքն անոնց համար ամէնահամապատասխան տեղը ղրկել, որպէսզի հնարաւոր ըլլան անոնք ցուցադրելու եւ օգտագործելու»։ Մէկ այլ առիթով ան ընդգծեց, որ պատերազմը կը հանդիսանայ սարսափներու սարսափը եւ ամէնաահեղ յանցանքը, յետագային աւելցնելով՝ «Ես կը ցանկանայի յայտնագործել այնպիսի աւերիչ հզօրութեամբ նիւթ կամ մեքենայ, որ իւրաքանչիւր պատերազմ ընդհանրապէս անհնարին դառնար»։

Որպէս վառ երեւակայութիւն ունեցող գիւտարար, իր գաղափարները արդիւնաբերական եւ առեւտրական նպատակներով շահագործող՝ Ալֆրետ Նոպելը իր ժամանակին բնորոշ ներկայացուցիչն էր։ Զարմանալին այն է, որ ան ճգնաւոր էր, կը ձգտար մէնակութիւնը, եւ անոր համաշխարհային փառքն էր որ կեանքի մը հասնիլ այն խաղաղութեամբ, որուն ան այդքան բուռն կերպով կը ջանար։


Ծանօթագրութիւններ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  1. Britannica: Alfred Bernhard Nobel
  2. Alfred Nobel — His Life and Work
  3. 41 выпуск журнала 100 человек, которые изменили ход истории, De Agostini

Գրականութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

  • Россия и мировой бизнес: дела и судьбы. Ալֆրեդ Նոբել, Адольф Ротштейн, Герман Спитцер, Рудольф Дизель / Ред. и предисл. В. И. Бовыкина. — М.: РОССПЭН, 1996. — 312 с. — ISBN 5-86004-058-Х
  • В.Ю. Чумакрв. Нобели. Становление нефтяной промышленности в России. Серия "". — М.։ Бизнеском, 2011. — 256 стр., ил., 1000 экз. — (Библиотека Генерального директора, Великие российские предприниматели; том 1). — ISBN 978-91663-084-8
  • Нобель, Альфред // Новый энциклопедический словарь։ В 48 томах (вышло 29 томов). — СПб., Пг.։ 1911—1916.
  • Schück, H, and Sohlman, R., (1929). The Life of Alfred Nobel. London։ William Heineman Ltd.
  • Alfred Nobel US Patent No 78,317, dated 26 May 1868
  • Evlanoff, M. and Fluor, M. Alfred Nobel – The Loneliest Millionaire. Los Angeles, Ward Ritchie Press, 1969.
  • Sohlman, R. The Legacy of Alfred Nobel, transl. Schubert E. London։ The Bodley Head, 1983 (Swedish original, Ett Testamente, published in 1950).
  • Jorpes, J.E. Alfred Nobel. British Medical Journal, Jan.3, 1959, 1(5113)։ 1–6.
  • Sri Kantha, S. Alfred Nobel's unusual creativity; an analysis. Medical Hypotheses, April 1999; 53(4)։ 338–344.
  • Sri Kantha, S. Could nitroglycerine poisoning be the cause of Alfred Nobel's anginal pains and premature death? Medical Hypotheses, 1997; 49։ 303–306.

Արտաքին յղումներ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Վիքիքաղվածքն ունի քաղվածքների հավաքածու, որոնք վերաբերում են


Կատեգորիա:Շվեդ գյուտարարներ Կատեգորիա:Շվեդ քիմիկոսներ Կատեգորիա:Շվեդ ճարտարագետներ Կատեգորիա:Շվեդ գործարարներ Կատեգորիա:Անձինք մետաղադրամների վրա