Կաղապար:Օրվա հոդված/Մարտի 31, 2018 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Օրվա հոդված» նախագիծ
Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը
Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը

Աւագ Շաբաթ (հուն․՝ Μεγάλη Εβδομάδα — Megali Evdomada), Ծաղկազարդի յաջորդող Մեծ Պահքի վերջին շաբաթը, որ կ'աւարտիՍ. Յարութեան տօնով (Ս. Զատիկ), որու ընթացքին կը յիշուի Վերջին ընթրիքը, Յիսուս Քրիստոսի դատավարութիւնը, տանջանքները, խաչելութիւնը եւ թաղումը։ Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն անուան կը նախորդէ «Աւագ» բառը (Աւագ Երկուշաբթի, Աւագ Երեքշաբթի, եւ այլն)։

Աւագ շաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին, իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։ Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ՝

Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ'անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լերան ըսեն ե՛լ եւ ծովը ինկի՛ր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։

Այս առակով Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ... Ավելին