Կաղապար:Օրվա հոդված/Մայիսի 5, 2017 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Գագիկ Աւշարեանի վերականգնուած Տ-72 թնդանօթը որպէս յուշարձան Շուշիի ազատագրման
Գագիկ Աւշարեանի վերականգնուած Տ-72 թնդանօթը որպէս յուշարձան Շուշիի ազատագրման

Շուշիի ազատագրումը հայկական ռազմական ուժերու առաջին նշանակալի յաղթանակն էր Արցախեան ազատամարտին մէջ։ Ճակատամարտը տեղի ունեցած է 8 Մայիս, 1992-ին, ռազմավարական կարեւոր դիրք ունեցող Շուշի լեռնաքաղաքին մէջ։ Մարտական գործողութիւնները ճշգրիտ ձեւով հաշուի առնուած էին եւ արդէն միւս օրը Շուշին ամբողջութեամբ ազատագրուած էր ազրպէյճանցիներէն, որոնք ողջ հակամարտութեան ընթացքին Շուշիէն կը ռմբակոծէին ԼՂԻՄ-ի, հետագային՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտը։

8 Մայիս,1992-ին, Հայաստանի նախագահ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնակատար՝ Եաղուպ Մամետովի, ինչպէս նաեւ միջնորդ երկրի՝ Իրանի նախագահ՝ Հաշէմի Ռաֆսանժանին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման մասին կը ստորագրեն համատեղ յայտարարութիւն մը, որու համաձայն՝ Մահմուտ Վայէզի պէտք էր կրկին ժամանէր տարածաշրջան՝ Պաքու, Երեւան եւ Ստեփանակերտ, զինադադարը իրականացնելու եւ համապատասխան մեքենականութիւն մշակելու համար։ Իրան առաջին երկիրն էր, որ... Ավելին