Կաղապար:Օրվա հոդված/Հունվարի 30, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Եարխուշտա
Եարխուշտա

Հայկական պարարուեստ, սկիզբ առած է նախաքրիստոնէական շրջանին, Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ դեռ պատմական Հայաստանին մէջ կը տիրէր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացեր է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը: Իր միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդի մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը:

Սերունդէ սերունդ փոխանցուելով եւ որոշակի փոփոխություններու արժանանալէ ետք, անիկա դարձեալ պահպաներ է իր հիմքին մէջ առկայ եւ միայն իրեն յատուկ շարժական, կառուցուածքային եւ երաժշտական առանձնայատկութիւնները:

20-րդ դարասկզբին Արեւմտեան Հայաստանէն Արեւելեան Հայաստան կը գաղթեն բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն երգեր, պարեր եւ իրենց բնորոշ տարազներ: Բնականաբար, տեղի է կ'ունենայ ազգային մշակոյթի երկու տարբեր ճիւղերու խաչասերում, որու արդիւնքով կը ձեւաւորուի նոր՝ աւելի հարստացած տարբերակը:

Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք հայկական պարի ուսուցումը պետութիւնը կը վերցնէ իր վրան: Կը հիմնուին պարային դպրոցներ, որոնք կը նպաստեն ազգային պարէն առանձնացուող ժողովրդական պարի ստեղծումին: Ավելին