Կաղապար:Օրվա հոդված/Հունիսի 25, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Խորէն Ա. կաթողիկոս Մակարայ վանքին մէջ (30 Ապրիլ, 1969)
Խորէն Ա. կաթողիկոս Մակարայ վանքին մէջ (30 Ապրիլ, 1969)

Կիպրոսի Սուրբ Մակարայ Վանքը՝ պատմութեան մէջ Կիպրոսի հայոց կրօնական եւ մշակութային կարեւորագոյն կեդրոնը հիմնադրուած է 9-րդ դարուն։ Վանքը ծանօթ է նաեւ «Արմենոմոնաստիրօ» անունով, որ կը նշանակէ հայկական վանք։ Անիկա կը գտնուի հիւսիս-կիպրական Պենտատաքթիլոյի լեռնաշղթային վրայ, Հալեֆկա գիւղին մօտ։ Սուրբ Մակարը 1974 թուականէն ի վեր կը գտնուի թրքական գրաւման տակ. անիկա իր ճակատագրով կը յիշեցնէ Արեւմտահայաստանի վանքերն ու եկեղեցիները, որոնք Հայկական ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անկէ ետք ալ ենթարկուեցան աւերումի եւ կողոպուտի։

Սկզբնական շրջանին, վանքը ճգնարան մը եղած է։ Կ՛ենթադրուի, որ ճգնաւորները շատ խիստ պայմաններու տակ կ՛ապրէին այնտեղ. վանքի մատուռին մօտ մինչեւ այսօր կը հանդիպինք քարայրանման խուցերու, որոնք ծառայած են իբրեւ ճգնաւորներու կացարան։ Օսմաներէն հին արձանագրութիւններու համաձայն, Մակարայ վանքը հայերուն սեփականութիւնը դարձած է 15րդ դարուն։ Մինչեւ այսօր կը պահուին 1642-ին եւ 1701-ին Օսմանական կառավարութեան կողմէ տրուած կալուածագրերը, որոնք կը հաստատեն թէ վանքը հայերու սեփականութիւնն է։ Այդ փաստաթուղթերուն համաձայն, վանքը ազատուած է... Ավելին