Կաղապար:Օրվա հոդված/Հուլիսի 22, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
"Աթէնքի դպրոցը" Ռաֆայէլ
"Աթէնքի դպրոցը" Ռաֆայէլ

Վերածնունդը կամ Ռընեսանսը (ֆրանսերէն՝ Renaissance, Իտալերէն՝ Rinascimento) Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու մշակութային եւ գաղափարական զարգացման դարաշրջան մըն է, երբ միջնադարեան մշակոյթէն անցում մը կատարուած է նոր ժամանակի մշակոյթին, Իտալիոյ մէջ Ժդ. – Ժզ.դարերուն, իսկ միւս երկիրներուն մէջ՝ Ժե.– Ժզ. դարերուն։

Վերածննդեան մշակոյթի հիմնական գիծերն են աշխարհիկ բնոյթը, հիւմենիզմ- ական աշխարհահայեացքը, հնադարեան մշակութային ժառանգութեան դիմելը, զայն վերածնիլը, որմէ յառաջացած է Վերածնունդանուանումը։ Վերածննդեան մշակոյթի նախակարապետը միջնադարեան քաղաքային մշակոյթն է, որու վերելքը հնադարեան մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութեան յառաջացնումն է: Եւրոպայի տնտեսապէս առաւել զարգացած երկիրներուն ու շրջաններուն մէջ գործարար աշխոյժ պայմաններուն մէջ կը յառաջանայ գործօն անձնաւորութիւնը, որու դիրքն ու յաջողութիւնները կը պայմանաւորուէին ոչ թէ տոհմական ծագումով, այլ՝ սեփական ձեռներէցութեամբ եւ գիտելիքներով։ Կրօնական բարոյախօսութիւնը եւ միջնադարեան աւանդոյթները մարդոց համար նեղացուցիչ կը դառնան։Նոր աշխարհահայեացքի կրողները կ'ըլլան գրականութեան, բանասիրութեան, իմաստասիրութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչները։ Մարդը կը հռչակուի... Ավելին