Կաղապար:Օրվա հոդված/Հոկտեմբերի 23, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, Նիկոսիա, Կիպրոս։

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս մեծ աւանդ ունեցած երկրորդական երկսեռ վարժարան էր մինչեւ 2005 թուականը։

Հիմնուած ազգային անմահ բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ, 78 տարիներու ընթացքին բարձր մակարդակի ուսում պարգեւած ու դաստիարակած է մօտ 40 երկիրներէ ժամանած հայ պատանիներ։

15 Փետրուար 1924-ին հիմնաքարը կը դրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, Նիկոսիայէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլրակի մը վրայ։ Աշխատանքները կը սկսին եգիպտահայ ճարտարապետ՝ Կարօ Պալեանի նախագիծին հիմամբ։ Համալիրը կը համախմբէ զոյգ եռայարկ դպրոցական շէնքեր, բարերարին մենատունը, հիւանդանոց, ուսուցիչներու բնակարաններ, 35 մեթր բարձրութեամբ ջրամբար, խոհանոց, լուացարան, բաղնիք, մառան, արհեստանոց, մեքենատուն ու գոմ։ շարունակել...