Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 4, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Լոնտոն
Լոնտոն

Լոնտոն (անգլերէն՝ London) Միացեալ Թագաւորութեան եւ Անգլիոյ մայրաքաղաքն է։ Միացեալ թագաւորութեան եւ Եւրոպական Միութեան մեծագոյն քաղաքն է՝ 1,706 քառ. քմ.։ Կը գտնուի Թեմզ գետի ափերուն եւ բնակեցուած է գրեթէ երկու հազար տարի առաջ։ Լոնտոնի պատմութիւնը սկսած է Հռոմէական կայսրութեան շրջանէն։ Հռոմէացիները քաղաքին տուած էին Լոնտինիում անունը: Լոնտոնի հնագոյն կորիզ հանդիսացող «Լոնտոնեան Սիթի»ն մինչեւ օրս կը պահպանէ իր միջնադարեան սահմանները։ Ժթ. դարէն սկսեալ` Լոնտոն անունը, կը վերաբերի նաեւ այս կորիզը շրջապատող բնակավայրերուն։ Ըստ Մեծն Բրիտանիոյ վարչական բաժանման, քաղաքը կը բաժնուի երկու շրջաններու՝ Լոնտոնի շրջան եւ Մեծ Լոնտոն վարչական շրջան, զորս կը կառավարեն, ընտրուած, Լոնտոնի քաղաքապետն ու Լոնտոնի ժողովը:

Լոնտոնը յառաջատար քաղաք է իր արուեստով, առեւտուրով, կրթութեամբ, ժամանցային վայրերով, նորաձեւութեամբ, տնտեսութեամբ... Ավելին