Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 31, 2015 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Ամանոր
Ամանոր

Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է: Բոլոր ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր: Շատ հին ժամանակներուն զանազան ազգեր, Ամանորը տարբեր ժամանակներու կը տօնէին եւ ունէին իրարմէ տարբեր աւանդութիւններ: Յունուար 1-ը, իբրեւ Ամանորի առաջին օր, շատ ուշ ընդհանրացած է:

Հին Եգիպտացիներու մօտ Նոր Տարին կը սկսէր Յուլիս 19-20- ին, Հռոմէացիներու մօտ՝ Մարտ 1-ին, Բիւզանդացիներուն՝ Սեպտեմբեր 1- ին, իսկ հայերը՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին կը տօնէին:

«Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիքա»: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիքա «նախասկզբնակ օր տարւոյն» գրած է Անանիա Շիրակացին` իր «Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար» գիրքին մէջ:

«Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն «calendae» բառէն, որ հայերէնով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը: Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ'արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը` կաղընդել, նուէրը` կաղըդնչէք, իսկ երգերը` կաղանդոս բառերով:

«Ամանոր» բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները` ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ:

Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր... Ավելին