Կաղապար:Շաբաթվա հոդված/Շաբաթ 08, 2019 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Շաբաթվա հոդված» նախագիծ
Նիկոլ Աղբալեան
Նիկոլ Աղբալեան

Նիկոլ Աղբալեան (24 Մարտ 1873, Թիֆլիս - 15 Օգոստոս 1947, Լիբանան), Գրագէտ, մանկավարժ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան փայլուն գաղափարախօսներէն։

Ծնած է Թիֆլիս 1875-ին: Յաճախած է թաղին ծխական վարժարանը, ապա՝ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը, յետոյ՝ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, վերջը՝ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը։ Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միաժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագիրին՝ գրական – քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: Կանուխէն մաս կազմած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն։

1900-ականներու սկզբնաւորութեան, Նիկոլ Աղբալեան արժանաւորապէս իրագործած է հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը։ Ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով հունաւորած է հայ գրական մշակութային կեանքը պատուաստելու եւ վերաշխուժացնելու ազգային ուղին։ Եղած է անբաժան զինակիցը Յովհաննէս Թումանեանի, որուն հետ ձեռնամուխ եղած է Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպում-ներ»ու կազմակերպումին եւ աշխուժացումին։ Դարձած է դրօշակիրը գրական այն մեծ շարժումին, որ հայոց հոգեմտաւոր բազմադարեան հարստութեան վերանորոգումին մէջ տեսած եւ հաստատած է վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։

  • 19091912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային Խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմինի անդամ: Այցելած է Վան, Էրզրում:
  • 1913-ին՝ Թիֆլիսի մէջ վարած է «Հորիզոն» թերթին խմբագրութիւնը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարած է հանրային լուսաւորումի մեծ գործ՝ ամբողջացնելով առաքելութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին, որ արեւմտահայ իրականութեան մէջ մտաւորական հնոց դարձած էր։
  • 1914-1915 թուականներուն մաս կազմած է Հայ Կամաւորական Խումբերու Կարգադրիչ Մարմինին եւ Ազգային Բիւրոյին:Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան յառաջապահներէն եղած է ... Ավելին