Կաղապար:Շաբաթվա հոդված/Շաբաթ 03, 2019 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< «Շաբաթվա հոդված» նախագիծ

Հասան Նասրալլա (արաբ․՝ حسن نصرالله‎‎}} ; 31 Օգոստոս 1960, Պուրճ Համուտ): Փետրուար 1992-էն լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ապպաս Ալ Մուսաուի ահաբեկումէն ետք հրէական ուժերուն կողմէ: Նասրալլա յաճախ կը կոչուի «Սայյիտ» (السيّد حسن)՝ պատուաւոր տիտղոս մը, զոր Մուհամմէտ մարգարէի թոռը կու տար իր մարգարէ մեծ հօր: Իր ղեկավարութեան օրերուն, Հըզպալլա մասամբ կամ ամբողջովին կը նկատուի ահաբեկչական խմբաւորում մը բազմաթիւ երկիրներու եւ միութիւններու կողմէ, ինչպէս ԱՄՆի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ: Սակայն Ռուսիա մերժելով Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ըլլալը, զայն կը նկատէ օրինաւոր քաղաքական եւ ընկերային կազմակերպութիւն մը: Չինաստան չէզոք դիրք կը պահէ այս գծով եւ շարունակ կը հաղորդակցի Հըզպալլայի հետ:

Հասան Նասրալլա ծնած է 31 Օգոստոս 1960-ին, Պուրճ Համուտ, Շիա իսլամ ընտանիքէ մը, որ ունէր տասը զաւակ. ան իններորդն է: Իր հայրը՝ Ապտիւլ Քարիմ Նասրալլա ծնած է Պազուրիէի մէջ, որ կը գտնուէր Լիբանանի հարաւը գտնուող Սուր քաղաքին մօտ: Ան պտուղ ու բանջարեղէն կը ծախէր: Մօր անուան մասին տեղեկութիւն չկայ: Հակառակ իր ընտանիքին շատ կրօնամոլ չըլլալուն, Հասան շատ մեծ հետաքրքրութիւն ունէր կրօնագիտութեան հանդէպ: Նախնական ուսման համար կը յաճախէ Ալ-Նաժահ դպրոցը, ապա Սինն Ըլ Ֆիլի պետական վարժարանը:

1975-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը ստիպէ Նասրալլա ընտանիքը տեղափոխուելու դէպի հօրենական գիւղ` Պազուրիէ: Այն ատեն Հասան Նասրալլա 15 տարեկան էր, ուստի ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Սուրի պետական վարժարանին մէջ: Միաժամանակ, ան կ'անդամակցի Ամալ շարժում շիա իսլամական կուսակցութեան

Նասրալլա կ'ուսանի Պաալպէքի շիաներու ճեմարանին մէջ, որ կը հետեւէր իրաքցի Այաթոլլա Մոհամետ Պաքիր Ալ Սատըրի ուսուցումներուն: 1960-ականներուն, այս այաթոլլան կը հիմնէ Իրաքի Իսլամական Տաուա շարժումը:

Ապա, Նասրալլա կը մեկնի Նաժաֆ, Իրաք՝ շիա իսլամական ճեմարանին մէջ շարունակելու համար Իսլամական գիտութիւնը: Սակայն, ան կը ստիպուի Լիբանան վերադառնալ ուսման մէկ բաժինը աւարտելէ ետք՝ 1979-ին, երբ Իրաքի ղեկավար Սատտամ Հուսէյն շատ մը շիա իսլամներ երկրէն կ'արտաքսէր: Արտաքսուող անձերէն են Խոմէյնին եւ Ապպաս Ալ-Մուսաուին: Լիբանան վերադարձէն ետք, ան կ'ուսանէր եւ կը պաշտօնավարէր Ամալ շարժման ղեկավար Ապպաս Ալ-Մուսաուիի դպրոցին մէջ, ապա, կ'ընտրուի Ամալի Պեքաայի ներկայացուցիչ ու կը դառնայ կեդրոնական գրասենեակի անդամ: Նոյն ժամանակաշրջանին, 1980-ին, Սատտամ Հուսէյն սպաննել կու տայ... Ավելին