Փէր Լաշէզ
Փէր Լաշէզ Գերեզմանատուն (Ֆրանսերէն՝ Cimetière du Père-Lachaise. պաշտօնական անունը՝ cimetière de l'Est, «Արեւելքի գերեզմանատուն»)
Փէր Լաշէզ Գերեզմանատունը Փարիզ քաղաքի ամենամեծ գերեզմանատունն է, թէեւ արուարձաններուն մէջ աւելի մեծերը կան:
Փէր Լաշէզը աշխահի ամենածանօթ գերեզմանատուններէն է, ուր ամեն տարի հարիւր հազարաւոր զբոսաշրջիկներ կ'այցելեն զանազան ֆրանսացի եւ այլ մեծերու շիրիմները:
Իրենց վերջին հանգրուանը հոն գտած ծանօթ անձերու շարքին են՝ Մոլիէռը, Լա Ֆոնթենը, Օսքար Ուայլտը, Պալզաքը, Պիզէն, Շոբէնը, Ջիմ Մորիսոնը, Իվ Մոնթանը, Մարիա Քալլասը, Մոտիկլիանին, Փիաֆը, Փրուսդը, Սինեաքը, Փիզառօն եւ ուրիշներ:
Հոն թաղուած երեւելի հայերու շարքին են՝ ազգային հերոս Անդրանիկ Օզանեանը, հասարակակն գործիչ եւ գրողներ՝ Գրիգոր Օտեանը, Մինաս Չերազը, Ռուբէն Տեր Մինասեանը եւ ուրիշներ: