Վահէ Օշական

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Nuvola single chevron right.svgԱյս հոդվածը սփյուռքահայ բանաստեղծ Վահէ Օշականի մասին է։ Այլ գործածությունների համար, այցելեք Օշական (այլ կիրառումներ)։

Վահէ Օշական (1922-2000), սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր:

Բովանդակություն

Կեանքը [խմբագրել]

Վահէ Օշական ծնած է 1922-ին Փլովտիւ, Պուլկարիա: Որդին է յայտնի գրագէտ եւ վիպասան Յակոբ Օշականի: Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Երուսաղէմ եւ Կիպրոս: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզ, Սորպոնի Համալսարանը, տոքթորական դէզը պաշտպանելով բաղդատական գրականութեան մէջ:

Երկար տարիներ ապրած է Պէյրութ, դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն եւ գրականութիւն:

1975-ին կը փոխադրուի Ֆիլատելֆիա, ուր կը դասախոսէ Փենսիլւանիոյ Համալսարանին մէջ:

Վահէ Օշական հեղինակած է բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու տասնեակ հատորներ. ինչպէս նաեւ գրական, գրականագիտական եւ քննադատական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ: [1]

Գ.Պըլտեան Վահէ Օշականի մասին

Գրելու, ստեղծելու արարողութեան Օշականեան ըմբռնումը. հետզհետէ գրելը կը դառնայ առեղծուածային, կարելի է գրել, անկարելի է, մէկ խօսքով, գրելուն կապը էութեան հետ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ: Օշականի իր արձակ գրութիւններուն տակ անպայման նշած է անոնց արձակ ըլլալը, տպագրութեան թուականը, տեղը եւ հեղինակին անունը, իսկ բանաստեղծական հատորները կը պարզեն այլ պատկեր: Բանաստեղծական 8 հատորներուն սկիզբը երբեք չկայ Վահէ Օշական անունը: Հեղինակին անունը գրուած է վերջին էջին վրայ: Արդեօ՞ք հեղինակը կարեւոր չէ: Հեղինակին անունին տեղը նշան մըն է եւ երբ որ կը դրուի վերջը, կը դառնայ արդիւնք, ոչ թէ հայրը գրութեան, այլ՝ որդին: Հեղինակը եւ հեղինակութիւնը չկայ ի սկզբանէ: Բառին Օշականեան ըմբռնումը հետարքրական է՝ բառերը որդեգրուած որբեր են, որ ուրիշ որբեր կ’որդեգրեն: Օշականի աշխարհը, որ կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներով եւ անպայման չէ, որ այս ինչուները տողերու ընդմէջէն ստանան ընկալեալ պատասխաններ: Թերեւս Օշականի գրականութիւնը կը յատկանշուի բազմաթիւ ինչուներ առաջադրելու իր խիզախութեամբ նաեւ: [2]

Ստեղծագործութիւնները [խմբագրել]

Բանաստեղծական երկեր [խմբագրել]

  • Քաղաքը
  • Ահազանգ
  • Ճամբորդը

Վէպ /արձակ գրութիւններ [խմբագրել]

  • Փախստականը
  • Թակարդին շուրջ
  • Սերունդներ

Նշումներ [խմբագրել]

  1. [1]
  2. [2]

Յղումներ [խմբագրել]