Մաթէոս Ուռհայեցի

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
(Վերահղված է Մատթևոս Ուռհայեցի-ից)

Մատթեոս Ուռհայեցի ծնած, ապրած եւ գործած է Եդեսիոյ՝ այսինքն Ուրհայի մէջ, որմէ առած է Ուրհայեցի կոչումը:

Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ: Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին (1050 –ական թուականներուն եւ վախճանած՝ 1136-1144 թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ միչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուրհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցավ 1144-ին: Կարծիք կայ որ ան զոհուած ըլլայ Նուր-էդ-դինի հայր Իմադ-էդ-դին Զանգիի կողմէ 1144 թուականին Ուրհայի գրաւման ժամանակ:Իր գործէն դատելով եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը : Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուրհան, որու վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքի մէջ եղած է երեց վանական:

Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը: Ուրհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի 952-1136 թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը: Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով միայն թէ՝ բարեբախտաբար հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը: Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ: Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն այսինքն շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած:

Իր գործը բաժնուած է երեք մասերու.-

  • Ա.- 952-1051 թուականներու դէպքեր
  • Բ.- 1051-1101 թուականներու դէպքեր
  • Գ.- 1101-1136 թուականներու դէպքեր

Գործը ունի չորրորդ մաս մըն ալ 1137-1162 թուականներու դէպքերու մասին որ շարունակած է գրել Գրիգոր երեցը: Իր պատմագրութեան նիւթին շրջագիծը կ'իյնայ Միջագետքի, Փոքր կամ արեւմտեան Հայքի եւ Կիլիկիոյ վրայ: Ուրհայեցի իր գործը գրած է դէպքերը դիտելով Ուրհայէն ուր ան կ'ապրէր եւ որ գրեթէ կեդրոն էր վերոյիշեալ շրջաններուն: Բարեբախտաբար հեղինակը վերոյիշեալ ժամանակներու եւ շրջաններու միմիայն հայկական դէպքերը չէ որ մատուցած է այլ նաեւ շրջակայ ազգերու՝ յոյներու, խաչակիրներու, արաբներու, սելջուկներու իրադարձութիւնները:


Wikiquote-logo-en.svg
Վիքիքաղվածքն ունի քաղվածքների հավաքածու, որոնք վերաբերում են՝


Անձնական գործիքներ
Անվանատարածքներ

Տարբերակներ
Գործողություններ
Նավարկում
Մասնակցել
Գործիքներ
Այլ լեզուներով