Մամօնա
Վիքիփեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Մամօնան (Մամոնա, Mamona [1], Mamuna, կամ Mammon [2]), Նոր Կտակարանի մէջ նկարագրուած հարստութեան եւ ագահութեան դեւն է որ կը յիշուի Մատթէոսի Աւետարանի 6-րդ գլխու 19-21 եւ 24 համարներու մէջ, իսկ Ղուկասու Աւետարանի 16-րդ գլխու 3 համարի մէջ:
Հայ գրականութեան մէջ Մամօնայի գաղափարին կը հանդիպինք Բաղդասար Դպրի «Առ Մամօնայն» [3] բանաստեղծութեան մէջ, ուր Բաղդասար Դպիր կը նպատակադրէ բացայայտել փողի եւ հարստութեան կործանարար իշխանութիւնը մարդու վրայ: Ան Մամօնայի մասին կը գրէ ժողովրդական բարոյականութեան տեսակէտէն՝ որ կը մերժէ անոր սարսափելի աստուածութիւնը:
Սլաւ դիցաբանութեան մէջ Մամօնան կը ներկայացուի վայրի կնոջ կերպարաքով, որ մարդկանց կը մոլորեցնէ թէ բառացիօրէն եւ թէ փոխաբերաբար: Ան օգնական է Ծիեվոնա աստուածուհուն:
Ներկայիս, մամօնա բառը կը գործածուի տարբեր լեզուներու մէջ, ինչպէս Լեհ լեզուին՝ ուր ան կը գործածուի բացասական կերպով նկարագրելու դրամը:
[խմբագրել] Օգտագործուած Աղբյուր
- Հայ Դասական Քնարերգութիւն