Հայերէնի դասական ուղղագրութիւն
| Այս հոդվածը տեղեկատվական աղբյուրների կարիք ունի։ Դուք կարող եք օգնել նախագծին՝ գտնելով բերված տեղեկությունների հաստատումը վստահելի աղբյուրներում և ավելացնելով այդ աղբյուրներին հղումները հոդվածին։ Անհիմն հղումները ենթակա են հեռացման։ |
Հայերէնի դասական ուղղագրութիւնը (նաեւ ճանչցուած որպէս Մաշտոցեան ուղղագրութիւն, Հայկազեան ուղղագրութիւն, աւանդական ուղղագրութիւն, համազգային ուղղագրութիւն իսկ նոր ուղղագրութեամբ` «հայերենի դասական ուղղագրություն») անուանումն է այն ուղղագրութեան որ կիրառուած էր թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի, միջին հայերէնի եւ գրաբարի համար։ Այժմ, դասական ուղղագրութիւնը կը կիրառուի գլխաւորապէս Սփիւռքին մէջ արեւմտահայերու եւ պարսկահայերու կողմէ որոնք չեն ընդունիր Մանուկ Աբեղեանի կողմէ մշակուած նոր ուղղագրութիւնը (կամ սովետական ուղղագրութիւն) որ կիրառուած է 1922-էն սկսեալ։ Նոր ուղղագրութիւնը ենթարկուած է որոշ ձեւափոխումներու 1940-ին ուր վերականգնուած են որոշ Մաշտոցեան կանոններ։ Որոշ մասնագէտներ արմատական տարբերութիւններ կը տեսնեն նաեւ «դասական», «աւանդական», «մաշտոցեան» եւ այլ բնորոշումներու միջեւ։ Ըստ այդմ, դասական կը համարուի 12-13 դարերէ ի վեր կիրառութիւն ստացած ուղղագրութիւնը, որուն մէջ արդէն առկայ էին փոքրատառերը, «օ», «ֆ» օտար տառերը, տողադարձը եւ այլն։ Իսկ մաշտոցեան ուղղագրութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ համակարգուած եւ մինչեւ 12-13 դարեր կիրառուած ուղղագրութիւնն է։ Ինչ կը վերաբերուի բուն բնորոշմանը` «դասական», ապա այն յառաջ եկաւ հիմնականաբար Սփիւռքին մէջ 1922-էն յետոյ, որտեղ մինչեւ այսօր չեն ընդունիր նոր ուղղագրութիւնը (հէնց ասոր համեմատութեամբ ալ հինը ստացած է «դասական» բնորոշումը)։