Դանիէլ Վարուժան

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
Varuzhan.jpg

Դանիէլ Վարուժան (Դանիէլ Չպուքքարեան) (Ապրիլ 20, 1884 - Օգոստոս 26, 1915) ― 20-րդ դարու արեւմտահայ բանաստեղծ։ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութեան էութիւնը եղաւ գեղեցկութեան, ուժի ու աշխատանքի տարերքը։

Վարուժանի կեանքը թեպետ ընդհատուեցաւ երիտասարդ հասակին, բայց ան ստեղծեց հասարակական մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու բանաստեղծութիւններ։ Ան հոգեկան մերձեցումներ ունեցաւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մեծ դէմքերոնւ հետ, պահպանելով, սակայն, իր ստեղծագործութեան ազգային ոճն ու դրոշմը։ Այս իրողութիւնը խոստովանած է նաեւ ինքը։ Խօսելով նաեւ վերածնունդի շրջանի իտալական եւ ֆլամանական արուեստէն կրած ազդեցութեան մասին, Վարուժան միաժամանակ յատկապես կ՛ընդգծէ, որ իր վրձինը թաթախած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիրի» եւ «ծովածուփ արեան» մէջ։

Բովանդակություն

[խմբագրել] Վարուժանի կեանքը

Դանիէլ Վարուժան ծնած է 1884 թուականին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը։ Ան հասակ առած է գեղեցիկ բնութեան մը մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներուն թախծող ուռիներու օրօրին տակ։ Գիշերները մայրը անոր պատմած է պանդխտութեան մէջ գտնուող իր հօր մասին և անոր երեւակայութիւնը բորբոքած է թուրք ենիչերիներու մասին ըրած պատմություններով։ Բնութենէն ստացած երազային տպաւորութիւններուն խառնուած են նաեւ կեանքի վիշտերը։

Վարուժան գրաճանաչ դարձած է գիւղի վարժարանին մէջ, իսկ 1896 թուականէն ուսումը շարունակած Պոլսոյ մէջ սկիզբը Սագըղ Աղաջիի Մխիթարեան դպրոցին մէջ, ապա Քաղկեդոնի վարժարանին մէջ։

Պոլիս Վարուժանի վրայ ծանր տպավորութիւն կը ձգէ։ Ան կը տեսնէ Սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդի հետքերը։ Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ բանաստեղծին հայրը, որուն հարազատները երկար ժամանակ կը փնտռեն եւ վէրջապէս կը գտնեն բանտին մէջ՝ շղթայուած։ Տարիներ ետք, «Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորին մէջ, Վարուժանը կը յիշէ՝

«Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահճի:»

Բանտարկեալ հօրը ան կը պատմէ իրենց ապրած ծանր կեանքին մասին, մեծ մայրը մահացած է, մայրը հիւանդ է եւ խուլ կը հազայ, չորցած են պարտեզի վարդենիները, ավերուած է հայրական օճախը։

Հայրը ձեւով մը կ՛ազատի բանտէն և կ՛աշխատի Պոլսոյ իջեւանատներէն մէկուն մէջ։ Դպրոցական արձակուրդները պատանին կ՛անցնէ հօր մօտ եւ ականատես կը դառնայ պանդուխտներու տառապալի կեանքին։ «Արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խավյար Խանը, հայ պանդուխտներու հառաչանքներուն և վերքերու տրոփիւնին ունկնդիր», — գրած է բանաստեղծը։

1902 թուականին Վարուժանը կը տեղափոխուի Վենետիկի Մուրադ-Ռաֆայելեան դպրոցը։ Բանաստեղծին վրայ խորապէս կ՛ազդեն Վերածնունդի շրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները իրենց առողջ եւ հիւթեղ իրապաշտութեամբ։ Ան հափշտակութեամբ կ՛ընթերցէ նշանաւոր գրողներու երկերը, յատկապէս կը տարուի ռուս հանճարեղ գրող Լեւ Տոլստոյի եւ ֆրանսացի մեծ մտածող Ժան-Ժագ Ռուսոյի գաղափարներով։
Վարուժանն առանձին սիրով կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը։ Վենետիկի մէջ ան կը գրէ առաջին բանաստեղծութիւնները՝ պանդուխտներու կեանքի եւ 1896 թ. ջարդերու պատկերներով։

1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելճիքա եւ կ՛ընդունուի Կանտի համալսարանը։ Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան անոր կազմաւորման մէջ. ան կը սորուի հասարակական և քաղաքական գիտութիւններ, կ՛ուսումնասիրէ գրականութիւն և սոցիալական ուսմունքներ։ Իր դիմաքանդակը զետեղուած է համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին մէջ, (Ghent University Library) Rozier 9, B-9000 Ghent : Դիմաքանդակին վրայ նշուած են իր հետեւեալ խօսքերը :

«ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբոր երազը կ՛ապրի,
երբոր երազն անմահ է:»

Վարուժանի գեղագիտական հայացքներուն ձեւաւորման կը նպաստէ նաեւ պելճիքացիներու բարձր մշակոյթը. ան խորազնին կ՛ուսումնասիրէ 17—18-րդ դարերու իրապաշտ նկարչութիւնը եւ կը տարուի 20-րդ դարի հռչակաւոր բանաստեղծ էմիլ Վերհարնի բանաստեղծութիւններով։
Ստանալով բարձրագոյն կրթութիւն, բանաստեղծը 1909-ին կը վերդառնայ իր ծննդավայրը։ Երկու տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ, ապա 1911-ին կը տեղափոխուի Եվտոգիայի (Թոգաթի) ազգային ճեմարան։ 1912-ին Վարուժանը կը հրաւիրուի Պոլսոյ Բերայի վարժարան՝ տեսուչի պաշտօնով։

Այս տարիներուն Վարուժանի բանաստեղծութիւնները լայն ճանաչումի կ՛արժանանան։ Ան կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջաններու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին։ Տասը տարուան ընթացքին մէջ, բանաստեղծը կը գրէ չորս գիրք՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ «Հացին երգը»։ Ան կը գրէ նաեւ նոթեր, հոդուածներ, եւ կը կատարէ թարգմանութիւններ։
1915 թուականն էր եւ Վարուժանը կը շարունակէր լրացնել գիւղի չքնաղ երգերու՝ «Հացին երգի» շարքը, կը պատրաստուէր գրել «Հայկական հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պէտք է տեղաւորեր հին հայկական առասպելներու ու ավանդութիւններու մշակումները, կ՛երազէր ամբողջովին մշակել «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական էպոսը։ Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին երգը» քերթողական հատորը։

1914-ին կը դառնայ հինգ հիմնադիրներէն «Մեհեան» գրական ամսաթերթին՝ Կոստան Զարեանի, Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ։ Մինչեւ Յուլիս լոյս տեսած թերթի գրական եւ մշակութային մտածողութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է՝ Կոստան Զարեանի հետ, մինչեւ իր բաժանումը։ Խմբագրած է նաեւ «Նաւասարդ» գրական պարբերականը։

Բայց վրայ կը հասնի արիւնալի աղէտը։ Արտերը կը ներկուէին արիւնով։ Բանաստեղծի խօսքերով՝ կեանքը կը մորթուէր արտերուն մէջ, միտքը՝ գանկին մէջ։ Այս ողբերգական օրերու զոհերէն մէկը եղաւ նսեւ Վարուժան։ Թուրք մարդասպանները աքսորի ճանապարհին, Չանղըրի քաղաքի մօտ ձորի մը մէջ յօշոտեցին 31-ամեայ բանաստեղծը։

[խմբագրել] Գիրքեր

  • «Սարսուռներ»
  • «Ցեղին սիրտը»
  • «Հեթանոս երգեր»
  • «Հացին երգը»

[խմբագրել] Բանաստեղծութիւններ

  • «Գեղեցկութեան արձանին »
  • «Հայր, օրհնէ՛»
  • «Մեռած աստուածներուն»
  • «Մոխիրներուն առջեւ»
  • «Ձօն»
  • «Վահագն»

[խմբագրել] Աղբիւրներ

  • Հայ գրականութեան դասագիրք 9-րդ դասարանի համար. «Լույս» հրատարակչություն, Երևան, 1978թ.

[խմբագրել] Արտաքին յղումներ

Վիքիդարանը
Վիքիդարանը ունի բնօրինակ գործեր, որոնց հեղինակն է՝
Անձնական գործիքներ
Անվանատարածքներ

Տարբերակներ
Գործողություններ
Նավարկում
Մասնակցել
Գործիքներ
Այլ լեզուներով